2013-10-17 12:03:49

''Գաղափարախօսութեան աշակերտող քրիստոնեան իր հաւատքը կը կորսնցնէ''` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։


Հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ ''երբ քրիստոնեայ մը գաղափարախօսութեան աշակերտ կը դառնայ, կը կորսնցնէ իր հաւատքը''։
Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոս աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ. ''Վայ ձեզի, դպիրներ եւ կեղծաւոր փարիսեցիներ, կը փակէք երկնքի Արքայութեան մուտքը անոնց առջեւ որ կ՛ուզեն մտնել''։ Յիսուսի այս խօսքերէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ''երբ կը գտնուինք փակ դռներով Եկեղեցւոյ մը առջեւ, տարօրինակ զգացում մը կ՛ունենանք... փակ Եկեղեցի մը անհասկնալի է...որովհետեւ կը մերժէ անոր առջեւէն անցնող մարդոց մուտքը եւ Յիսուսը դուրս չի կրնար ելլել անկէ''։
Յիսուս մեզի կը խօսի այս ''փակումի'' մասին ակնարկելով այն քրիստոնեաներուն որոնք ունին բանալին ու սակայն դուռը փակ կը պահեն։ Ալ աւելին, անոնք դռան մուտքին կը մնան ու չեն թողուր որ մէկը ներս մտնէ։ Այսպէսով հաւատքը կը դառնայ գաղափարախօսութիւն եւ գաղափարախօսութիւններուն մէջ Յիսուս ներկայ չի կրնար ըլլալ։ Գաղափարախօսութիւնները եղած են միշտ սահմանափակ եւ երբ քրիստոնեայ մը ''գաղափարախօսութեան աշակերտ կը դառնայ, իր հաւատքը կը կորսնցնէ։ Ան այլեւս Յիսուսի աշակերտ չէ''։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց աղօթքի կարեւորութեան որովհետեւ հաւատքի դուռին բանալին աղօթքն է։ Ով որ չ՛աղօթեր ամբարտաւան է, հպարտ է, ինքնահաւան է եւ խոնարհ չէ։ Ան կը փնտռէ իր անհատական շահը։ Մինչ երբ քրիստոնեայ մը աղօթէ, չի հեռանար հաւատքէն, Յիսուսին հետ կը խօսի ։ Կ՛ըսեմ աղօթել եւ ոչ թէ աղօթք արտասանել - հաստատեց Քահանայապետը - որովհետեւ օրէնքի այս վարդապետները շատ աղօթքներ կ՛ըսէին սնապարծութեան համար, սակայն Յիսուս կ՛ըսէ '' երբ աղօթէս. մտիր սենեակդ եւ աղօթէ Հօրդ` ծածուկ սրտով''։ Արդ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - աղօթելու եւ աղօթք արտասանելու մէջ մեծ տարբերութիւն մը կայ։
Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը` նախ եւ առաջ, յարատեւ աղօթելու եւ չկորսնցնելու մեր հաւատքը ու ապա մնալու խոնարհ որպէսզի չի փակուինք ու Տիրոջ առաջնորդող ճանապարհը չի փակենք - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։











All the contents on this site are copyrighted ©.